2015-05-19 11:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 Մայիսի քարոզը` լաւ է խոկալ մահուան րոպէի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս աշխարհէն հեռանալու պահուն մենք մեզ յանձնենք Հայր Աստուծոյ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` 19 մայիսին արտասանած քարոզին նիւթը որ կեդրոնացած էր Յիսուսի ճարին վրայ նախ քան Երուսաղէմ մուտքը։

Քահանայապետը  անդրադարձ կատարեց նաեւ անոնց որոնք հալածուած են եւ ստիպուած են փախչիլ ինչպէս Մայանմարի Ռոհինկեայի բնակչութիւնը կամ Իրաքի քրիստոնեաներն ու Եազիտիները։

Յիսուս` ըսաւ Քահանաապետը, հրաժեշտ կ՛առնէ մեզմէ, մեզի ուղարկելու համար Սուրբ Հոգին։

Կեանքի ընթացքին հրաժեշտի շատ պահեր կան` մեծ կամ փոքր ու այդ հրաժեշտներէն ոմանք լի են տառապանքով ու առատ արցունքով'', կայ նաեւ վերջին հրաժեշտը երբ Տէրը մեզ կը կոչէ այս կեանքէն հեռանալու։
Հրաժեշտներէն ոմանք ժամանակաւոր են, որովհետեւ գիտենք թէ  վերադարձ մը կայ սակայն վերջին հրաժեշտը մշտական է ու լաւ է առ այդ ասոր մասին խոկալ ու հարց տալ եթէ պատրաստուած ենք մենք մեզ ու մեր սիրելները յանձնելու Աստուծոյ։ Մտաբերենք  թէ օր մը` մենք պիտի արտասանենք այդ հրաժեշտի բառը ''մնաք բարեաւ'' ու Աստուծոյ պիտի յանձնենք մեր հոգին, մեր պատմութիւնը, մեր սիրելիներն ու ամէն ինչ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա քարոզին աւարտին մատնանշեց Սուրբ Պօղոսի հրաժեշտին ու հայցեց որ մեռած ու Յարուցեալ Յիսուս` մեզի ուղարկէ Սուրբ Հոգին­ որպէսզի մենք սորվինք այդ բառը, սորվինք զայն արտասանել էական օրէն, ամենայն զօրութեամբ` վերջին այդ բառը ''մնաք բարեաւ'' 








All the contents on this site are copyrighted ©.